2014-05-25 16:30:41

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ի պատիւ բարի գալուստի արարողութիւն Թէլ Ավիւի` ''Պէն Կուրիոն'' օդակայանին մէջ


Կիրակի, 25 Մայիսի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Պապը հրաժեշտ առնելով Բեթղեհէմէն, ինքնաթիռով ուղղուեցաւ Թէլ Ավիւի ''Պէն Կուրիոն'' օդակայան ուր ժամանեց տեղական ժամով 15,30-ին եւ ուր տեղի ունեցաւ` իրեն ի պատիւ կազմակերպուած բարի գալուստի արարողութիւնը, ներկայութեամբ Իսրայելի նախագահ` Շիմոն Փերեսին եւ կառավարական պատկան իշխանութիւններուն։
Այս առթիւ արտասանած իր ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը նախ շնորհակալութիւն յայնտեց Իսրայելի Պետութեան, մատնանշելով թէ ինք կու գայ որպէս ուխտաւոր, Պօղոս Զ-ի Սուրբ Երկիր կատարած պատմական ճամբորդութեան 50-րդ տարեդարձին առթիւ։ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց Սուրբ Աթոռի եւ Իսրայէլի միջեւ 20 տարուայ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն եւ ստորագրուած համաձայնագիրերուն։
Ան ապա ընդգծեց թէ ինչպէս Միաստուածեան երեք կրօնները ծնունդ առած ու զարգացած են այս հողերուն վրայ։Երուսաղէմը տիեզերական արժէք ունեցող քաղաք մըն է որ կը նշանակէ ''խաղաղութեան քաղաք'' – յայտնեց Սրբազան Հայրը - ու դարձեալ կոչ ուղղեց որպէսզի կրկնապատկուին հակամարտութիւններու արդար եւ մշտական լուծում գնտելու ջանքերը ու Պաղեստինցիներն ու Իսրայելցիները ապրին համերաշխութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ վերանորոգեց կոչը` Իսրայելի Պետութեան սահմանելու գոյատեւման իրաւունք եւ միջազգային գետնի վրայ ճանչցուած անոր սահմաններուն մէջ խաղաղութեամբ եւ ապահովութեամբ ապրելու կարելիութիւն։ Ան նոյնպէս հաստատեց թէ Պաղեստինցի ժողովուրդն ալ իրաւունք ունի անկախ Պետութիւն մը ունենալու եւ ապրելու արժանապատուութեամբ ու շրջելու ազատութեամբ։ Թող երկու պետութիւններու իրողութիւնը դառնայ իրականութիւն – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ակնարկեց ''Եատ Վաշէմի'' յուշակոթողին կատարելիք իր այցելութեան, հրաւէր ուղղելով զարգացնել մշակոյթ մը ուր ներառութիւնն ու հանդիպումը` զարտողութեան եւ հակառակութեան տեղը գրաւեն։
Սրբազան Հայրը ապա իր խոր ցաւն ու կսկիծը յայտնեց Պրիւքսելի մէջ պատահած հրէական կեդրոնի դէմ մահափորձին եւ դատապարտեց հակահրեայ այս արարքը։
Խօսքին աւարտին Նորին Սրբութիւնը համայն Իսրայելի ժողովուրդին յայտնեց իր մօտիկութիւնը, յատկապէս Նազարէթի եւ Քալիլիոյ մէջ ապրողներուն, ուր կը գտնուի քրիստոնեայ բազմաթիւ հասարակութիւն մը ու ապա քաջալերեց Եպիսկոպոսներն ու քրիստոնեայ հաւատացեալները շարունակելու աւետարանական վկայութիւն տալ ի սպաս հաշտութեան եւ ներումին։
Նորին Սրբութինը հուսկ կրկնեց առաւօտեան, Պաղեստինի եւ Իսրայելի ուղղած հրաւէրը Վատիկանի մէջ հանդիպելու եւ միասնաբար աղօթելու խաղաղութեան համար։
Թող խաղաղութիւնն ու բարգաւաճումը հեղուն Իսրայելի վրայ եւ Աստուած խաղաղութեամբ օրհնէ իր ժողովուրդը։ Շալոմ։եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։







All the contents on this site are copyrighted ©.